2014-08-27 11:32:22

Եկեղեցին Մի եւ Սուրբ` Ֆրանչիսկոս Պապի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


''Քրիստոնեայ հասարակութեան մը մէջ բաժանումը ամենածանր մեղքերէն մին է''։

Չորեքշաբթի, 27 օգոստոսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց հաւատամքի դաւանանքի այն հատուածին ուր կը հաստատենք թէ Եկեղեցին Մի եւ Սուրբ է։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկս Պապը, այսօր դարձեալ կը դաւանինք մեր հաւատքը, որուն մէջ կը յայտնենք թէ ''Եկեղեցին Մէկ է եւ Սուրբ''։
Եկեղեցին մէկ է որովհետեւ ան ծագում ունի Երրորդութիւն Աստուծոյ մէջ, որ է լիակատար հաղորդութեան եւ միութեան խորհուրդ։ Եկեղեցին Սուրբ է որովհետեւ հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի վրայ, ոգեւորուած Անոր Սուրբ Հոգիէն, լիացած Անոր սիրով եւ փրկութեամբ։ Միեւնոյն ատեն սակայն Եկեղեցին կազմուած է նաեւ մեղաւորներէ որ ամէն օր կը փորձարկեն իրենց խեղճութիւնը։ Յիսուս Քրիստոսն է մեր միութեան եւ սրբութեան ակնաղբիւրը, եթէ մենք միացած չենք, եթէ մենք սուրբ չենք, որովհետեւ անհաւատարիմ ենք Անոր հանդէպ։ Ինք սակայն մեզ մինակ չի թողուր երբեք ու իր Եկեղեցին չի լքեր իրեն ճակատագրին։

Յիսուս թախանձաքին աղօթեց իր աշակերտներու միութեան համար –յարեց Նորին Սրբութիւնը- Ան երբ իր կեանքը պիտի զոհեր, ինքնիրմով չի մտահոգուեցաւ, այլ մտածեց մեզի, աղօթեց աշակերտներուն միութեան համար. Ան աղօթեց որպէսզի մենք ըլլանք ''մէկ'' Իրեն հետ ու մեր միջեւ։ Մենք կանչուած ենք իրագործելու այս միութիւնը որ պէտք է դառնայ մեր հասարակութեան յատկանիշը։
''Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան. Ինչպէս դուն, Հայր, իմ մէջս ես ու ես քու մէջդ եմ, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս''։ Եկեղեցին ի սկզբանէ ուզեց իրականացնել այս միութիւնը, սակայն միութեան դէմ բազմաթիւ մեղքեր գործուեցան, ոչ միայն աղանդներու բերումով եւ հերետիկոսութիւններով, այլ նաեւ մեր ''ժողորդապետութիւններու'' մեղքերով, որոնք թէեւ կանչուած են ըլլալու միութեան եւ բաժնեկցութեան վայրեր, յաճախ կը յատկանշուին` նախանձով, հակակրանքով ու խանդով։ Այս մէկը մարդկային է բայց ոչ քրիստոնէական։ Այս մէկը կը պատահի երբ կը ձգտինք առաջին տեղերուն, երբ մենք մեզ որպէս կեդրոն կը նկատենք, երբ կը նայինք մեր եղբայրակիցներու թերութիւններուն, փոխանակ գնահատելու անոնց հմտութիւնները, երբ աւելի արժէք կու տանք այն բաներուն որ մեզ կը բաժնեն քան անոնց որ մեզ կը միացնեն....

Այս իրողութեան դիմաց ''խղճի քննութիւն'' մը կատարելու ենք – հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Քրիստոնեայ հասարակութեան մը մէջ բաժանումը ամենածանր մեղքերէն մին է, որովհետեւ զայն կը վերածէ ոչ թէ Աստուծոյ այլ սատանայի գործ. Աստանան որ կը բաժնէ, յարաբերութիւնները կը քանդէ, նախապաշարումներ կը յառաջացնէ... Մինչ Աստուած կ՛ուզէ որ մենք աճինք ընկալումի, ներելու ու զիրար սիրելու կարողութեամբ, որպէսզի միշտ աւելիով Իրեն նմանինք, Ինք որ սէր եւ հաղորդութիւն է։Հոս է ահա Եկեղեցւոյ սրբութիւնը` մենք մեզ ճանչնալ Աստուծոյ պատկերին համաձայն, լիացած անոր ողորմութեամբ եւ շնորհքնրով։

Սիրելի բարեկամներ – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ճառին աւարտին – մեր սրտերուն մէջ հնչեցնենք Յիսուսի այս խօսքերը` ''Երանի խաղարարներուն որովհետեւ անոնց Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին'' (Մատթ 5, 9)։ Ներողութիւն խնդրենք բոլոր այն անգամներուն համար որ մեր հասրակութենէն ներս դարձանք բաժանումի եւ անհասկացողութեան առիթ, այն գիտակցութեամբ որ կարելի է հաղորդութիւնը ձեռք բերել մշտատեւ ապաշխարութեամբ։

Խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ու վերյիշելով Սուրբ Օգոստինոսի մայր` Սրբուհի Մոնիքան, որուն յիշատակութիւնը կը նշուի այսօր` երիտասարդներուն մաղթեց որ` Սրբուհիին սէրը հանդէպ Յիսուսին, անոնց ցոյց տայ Աստուծոյ կեդրոնականութիւնը իրենց կեանքին մէջ, քաջալերէ հիւանդները հաւատքով դիմագրաւելու տառապանքի պահերը եւ խրախուսէ նորապսակեալները իրենց զաւակները դաստիարակելու քրիտոնէական դաստիարակութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.